RADIO

WESTERN ARMENIA

 

METEO EN

ARMENIE OCCIDENTALE

 

 

 

ACTUALITÉ

 

EUROPE

 

DOSSIERS

 

DOCUMENTS

 

INTERNATIONAL

 

POLITIQUE

 

VIDEOS

 

EVENEMENTS

 

ANNONCES

 

ARCHIVES

 

FORUM

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

WAN © 2010

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

    03 Հոկտեմբեր , 2010թ.                                                                             Tradition - Religion

ՎԱՍՆ ԱՆԻԻ, ԱՂԹԱՄԱՐԻ, ՎԱՐԱԳԻ  ԵՒ ՈՂՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ   ՍՐԲԱԶԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ

Բոլորովին անհրաժեշտ չէր ցանկալու մահմետական աղօթքի մը կազմակերպման  մայրաքաղաք Անիի  ամէնէն հեղինակաւոր եկեղեցիներէն մէկուն մէջ ուրբաթ, հոկտեմբեր 1-ին, գրգռուած՝ առ ի պատասխան Արեւմտեան Հայաստանի հայերու կողմէ  Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ  սեպտեմբեր 19-ին մատուցուած պատարագը արգիլելուն:

 Հայ Ազգային Խորհուրդը լավ գիտէ, որ այսօր Արեւմտեան Հայաստանի մէջ առաջին կրօնքը, չ'ըսելու համար գլխաւորը եւ իշխողը, մահմետական կրօնքն է, եւ որ  բնիկ հայ բնակչութեան մէկ կարեւոր մասը հաւատափոխ եղած  եւ իսլամացուած է:

 «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան (ԱՇԿ) կազմակերպիչները, թիւրք իշխանութեան հովանու ներքոյ, ուրեմն, խաղ մը իրականացուցին.  համայն աշխարհի  աչքին առաջ անոնք  հայկական եւ քրիստոնէական սրբազան վայր մը անվայել կերպով  իւրացուցին  եւ պարզ  սադրանքով մը  բռնազբօսեցին  այս սրբազան վայրերը իրենց սկզբնական կոչումէն. այս արարքը  ինքնին սրբապղծութիւն  է:

 Նման արարք մը  անհեռանկար չէ,   ճշմարտիւ  ան ցոյց կու տայ, որ  ԱՇԿ կազմակերպիչները  կը վախնան հայերու հանդէպ արդարադատութեան գործադրումէն    եւ կը հետամտին դիմադրելու,  որ ինքնին քաղաքական իմաստ ունեցող բողոք մըն է, ուրեմն եւ ո՛չ մէկ կապ ունի կրօնքի հետ: Անոնք  Անիի Սուրբ Աստուածածին  տաճարը ո՛չ միայն  կը խոտորեն իր սկզբնական կոչումէն, այլ Իսլամը գռեհիկ կերպով եւ ցածօրէն կ' օգտագործեն քաղաքական նպատակներու համար:

 Խառնակել Ալլահը նման կերպ իսկապէս  սրբապղծութիւն է եւ ամօթ է Թուրքիոյ հասցէին, որով Ալլահ Մեծ է, քանի Ալլահ արդար է,  եւ արդեօք տակաւին  քանի՜  նահատակներու կարիքը պիտի ըլլայ  այսպիսի Հաւատաշեղումի համար  ներում գտնելու...

 Բայց եւ այնպէս, կարգ մը ազդակներ կան, որոնք ճշգրտման կը կարօտին, ինչ կը վերաբերի Արեւմտեան Հայաստանի հայերուն եւ  Հայ Ազգային Խորհուրդին, որ այս տարածքին վրայ հազարամեակներէ ի վեր գոյութիւն ունեցող բնիկ ժողովուրդի քաղաքական ներկայացուցիչն է: Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ եւ անոր նորոգութեան, ինչպէս եւ Արեւմտեան Հայաստանի  հայկական բոլոր սրբազան վայրերու նորոգութեան  խնդիրները  հիմնական եւ առաջնային են:

 Այսուամենայնիւ, կրնանք անմիջապէս աւելցնել, որ ըստ մեր աւանդոյթներու, ինչպէս եւ սովորական իրաւունքներու համաձայն, Արեւմտեան Հայաստան իր  ամբողջութեան մէջ նուիրական եւ Աստծոյ կողմէ,  ուրէմն  եւ, Ալլահի կողմէ պաշտպանեալ սրբավայր մըն է:  Մեր Տունը, մեր Սրբավայրը, մեր Բնօրրանը մեր Սարերն ու Լեռներն են, մեր Տանիքը մեր Երկինքն է, մեր Խաչը Լոյսն է (Համբարձումը, Վսեմութիւնը):

 Մեզ համար Արեւմտեան Հայաստան պարզապէս ոտք դնելը հոգեւոր, բարեկրօն արա՛րք մըն է: Քանի որ Մեր Հողը մեր Արի՛ւնն է եւ  մեր Արիւնը մեր Հո՛ղն է:

 Մեր ժողովուրդը  հրաշագործուած է,   ցեղասպանութիւն  ապրելէն, 1894 - 1923թթ. բնաջնջումի երեք նախագծերէն ետք, իր հայրենական սրբազան ժառանգութեան ոչնչացումէն եւ այսօր  տակաւին  ամբողջ աշխարհին առջեւ  ու ամեն օր իր ժխտումը  ապրելէն ետք ան ետ կը պահանջէ իր անկորնչելի իրաւունքը երկրի, հողերու եւ իր բնական պաշարներու հանդէպ, Թուրքիոյ իշխանութիւնները հնարաւորութիւն ունին կիրարկելու այս Արդարութիւնը, անոնք պարտաւորութիւնը ունին    նկատի առնելու զայն լրջօրէն

 Անիի մայր տաճարը հիմնադրուած է Սմբատ Երկրորդ  թագաւորի իշխանութեան օրոք մօտ 989 թուականին, որու շինարարութիւնը  վերջացած է 1001թ.՝ թուագրեալ Գագիկ 1-ին թագաւորի կողմէ: Յուշարձանի հեղինակը  նշանաւոր ճարտարապետ  Տրդատն է, որ զայն  «նորարարեց»՝ գլխաւոր նաւը ընդարձակելով եւ  նուազեցրեց  փոքր, կեդրոնական նաւերու եւ ժամաթեւքերու տարածութիւնը:   Բայց դժբախտաբար 1319թ. երկրաշարժը պիտի փլցնէր գմբեթը:  Եւ ասիկա միակ երկրաշարժը չէր, որ վնասեց, քանդեց կառոյցը. 1988թ. Սպիտակի մեծ երկրաշարժի ատեն հիւսիս-արեւմտեան անկիւնը ամբողջութեամբ  խորտակեցաւ: 

 ԱՐՄԵՆԱԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

 Հայ Ազգային Խորհուրդի անդամ

 

Baron Bédros ou l'histoire du monastère de Varag (vidéo du site Haybachdban)

Si vous avez apprécié cet article, vous pouvez le soutenir !